2013-01-03 11:46:11

Կարդինալ Բուբառ Յատուկ Նուիրակ` Եզրափակելու Բոլին Ժարիգոյի Յոբելինական Տարին


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց Կարդինալ Բուբառ` երբեմնի նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին որպէս իր յատուկ նուիրակը եզրափակելու Բոլին Ժարիգոյի յոբելինական տարին։ Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 9 յունուար 2013-ին Լիոն քաղաքին մէջ։
Բոլին Ժարիգօ (1799-1862) եղած է տիպար քրիստոնեայ մը եւ հիմնած` հաւատքի տարածման գործունէութիւնը։ Այս հաստատութիւնը ծնունդ տուաւ ''քահանայապետական միսիոնարական գործունէութիւններուն''։
Կարդինալ Բուբառ յանուն Սրբազան Քահանայապետին պիտի եզրափակէ Բոլին Ժարիգոյի մահուան 150-րդ տարեդարձի եւ անոր ''Աստուծոյ Աղախին'' հռչակման 50-րդ տարեդարձի արարողութիւնները։
Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Գերապայծառ ֆիզիքելլան իր կարգին դասախօսութիւն մը պիտի տայ ''վերաւետարանութիւն'' նիւթին մասին։
Կարտինալ Բուբառը պիտի եզրափակէ յոբելինական տարին հանդիսաւոր պատարագով թեմի առաջնորդանիստ ս. Յովհաննէս աւետարանիչի նուիրուած մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Նշենք որ միսիոնարական քահանայապետական հաւատոյ տարածման գործունէութիւնը հիմնուած է 1822-ին խումբ մը աշխարհականներէ Բոլին Ժարիգոյի առաջնորդութեամբ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.